Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 29 ապրիլին, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն) տեղի կ՛ունենայ 2018 տարուան «Սփիտ-Թեսթ»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումը:
Նշուեցաւ, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է շաբաթ, 28 ապրիլ, կէսօրուան ժամը 12:00-ը:
Նոյն օրը պիտի յայտարարուին մրցումին մասնակցող բոլոր վարորդներուն անունները:
Կիրակի օր «Սփիտ Թեսթ»-ին մեկնարկը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 8:00-ին: