Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին հրապարակեց կարգ մը որոշումներ` 2018-2019 տարեշրջանին գծով:
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ազդանշանը պիտի տրուի 14 սեպտեմբեր 2018-ին, իսկ Գ. դասակարգին ազդանշանը` 12 հոկտեմբերին:
Մարզիկներու փոխանցումներու ժամանակացոյցը հետեւեալն է.
9 յուլիսէն 11 սեպտեմբեր 2018 (ամառնային փոխանցումներ), 24 դեկտեմբեր 2018-էն 22 յունուար 2019 (ձմեռնային փոխանցումներ):
Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ բոլոր ակումբները, որոնք կը փափաքին որեւէ տեսակի ախոյեանութեան մասնակցիլ, պէտք է ամէն գնով առաւելագոյնը մինչեւ երկուշաբթի, 2 յուլիս տեղեակ պահեն ընդհանուր քարտուղարութիւնը (կրտսերներ, փոքրեր, երիտասարդներ եւ այլն):
Յայտարարուեցաւ, որ կիրակի, 29 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականի մրցումը` Ահտի եւ Նըժմէի միջեւ:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկու համակիրներուն ներկայութեան:
Ֆութսալի գծով Հումին Ֆաուքա բարձրացաւ Ա. դասակարգ, մինչ Ղըպէյրի փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ: