Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան պասքեթպոլի դաշտերուն հսկողութիւնը ստանձնած յանձնախումբի անդամներուն հետ:
Շարպել Ռըզք նշեց, որ այս յանձնախումբի անդամներուն առաքելութիւնը կը նկատուի բաւական դժուար:
Ան շնորհաւորեց այս անդամներուն տարած աշխատանքը, մանաւանդ ի տես երկուշաբթի, 23 ապրիլին, Սաժես – ՀՄԸՄ մրցումին ընթացքին արձանագրուած բաւաան ծանր միջադէպին:
Ան նաեւ բարի ապաքինում մաղթեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց այդ գործը կատարելու ընթացքին վնասուածքներ ստացան:
Ապա Ռըզք եւ ֆետերասիոնին հաշուապահը` Ռոժէ Աշքութի, լսեցին յանձնախումբին նշած կարգ մը կէտերը եւ խոստացան անոնց առաջարկները կատարել:
Ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում: