Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, Անդրանիկ եւ Հուփս, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Աթլասի ու Մէյրուպայի եւ ապահովելէ ետք աւարտականի իրենց տոմսերը, բարձրացան Ա. դասակարգ: Կը մնան անոնց միջեւ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքին լոյսին տակ պիտի յստականայ, թէ ո՛ր խումբը պիտի հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան:
Երրորդ տոմսին համար Մէյրուպա-Աթլաս մրցումին յաղթականը փլէյ-օֆ-ի մրցում պիտի կատարէ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ դիրքը գրաւած Պիպլոսի դէմ:


