Ֆրանսական լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Հանրի Միշել մահացաւ: Ան 71 տարեկան էր:
Իբրեւ ֆութպոլիստ, ան 58 անգամ կրած է Ֆրանսայի ազգային խումբին շապիկը: Ան մաս կազմած է նաեւ Նանթի:
Ան եղած է նաեւ Քամերունի, Մարոքի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Թունուզի եւ Փղոսկրեայ Ափունքի ազգային խումբերուն մարզիչը: