Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես – ՀՄԸՄ երկրորդ մրցումը:

ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ եւս այլ յաղթանակ մը արձանագրեց եւ մեծ քայլ մը առաւ դէպի աւարտական հանգրուան:
Եթէ ուրբաթ, 27 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին վրայ Սաժեսի դէմ ՀՄԸՄ արձանագրէ իր երրորդ յաղթանակը, պիտի հասնի աւարտականին:
Երէկուան այս մրցումը ՀՄԸՄ աւարտեց 20 կէտի տարբերութեամբ` 89-69 արդիւնքով (կիսախաղ` 38-35, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի):
Այս մրցումը բարեբախտաբար կիսատ չմնաց` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներուն ետին գտնուող անխոհեմ անձ մը (որ ՀՄԸՄ-ի հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի) փորձեց հրահրել Սաժեսի համակիրները:
Մրցումը շուրջ 45 վայրկեան ընդհատուեցաւ (3-րդ քորթըրին), որմէ ետք անիկա շարունակուեցաւ:
Թէ՛ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան եւ թէ՛ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Կի Մանուկեան շեշտեցին, որ այդ անձը ո՛չ մէկ առնչութիւն ունի ՀՄԸՄ-ի հետ: Այս գծով ֆետերասիոնը խոստացաւ հետաքննութիւն բանալ:
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային նման դէպքեր չկրկնուին, ինչպէս նաեւ մրցակից կազմին մարզիչը` Ֆուատ Ապու Շաքրա ու Սաժեսի պասքեթպոլի յանձնախումբի նախագահը` Փաթրիք Աուն, առանց փաստացի տուեալներու չամբաստանեն ՀՄԸՄ-ի կազմը` ըսելով, որ ՀՄԸՄ միշտ հարցեր կը ստեղծէ…