Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց Լոնտոնի «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտը ծախել:
Փաքիստանեան ծագում ունեցող գործարար Շահին Խան ցանկութիւն ունի գնելու այդ հանրածանօթ մարզադաշտը:
Ան արդէն իսկ անցեալին գնած է Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Ֆուլհեմի խումբը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան Ճենսընվիլ ակումբը:
Նշուեցաւ, որ այդ դաշտին համար Անգլիոյ ֆետերասիոնը կը պահանջէ կէս միլիառ փաունտ-սթերլինկ:
Կ՛ակնկալուի որ այդ մարզադաշտին վաճառքէն ետք երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը աւելի շատ մրցումներ կատարէ տարբեր քաղաքներու մէջ:



