Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին սկիզբ առաւ դրամատուներու եւ ընկերութիւններու աղջկանց պասքեթպոլի առաջին մրցաշարքը` մասնակցութեամբ հետեւեալ եօթը խումբերուն. Պէյրութի դրամատուն, «Լուպնան Լիլթիժարա» դրամատուն, «Էմ. Թի. Սի.-Թաչ», «Նեսթլէ», «Պլոմ» դրամատուն, «Եու. Էն. Տի. Պի.» եւ «Աուտէ» դրամատուն:
Առաջին հանգրուանի մրցումներուն, «Եու. Էն. Տի. Պի.» յաղթեց Թաչի (73-65), «Նեսթլէ»` «Պլոմ»-ի (48-46), իսկ Պէյրութի դրամատունը` «Լուպնան Լիլթիժարա» դրամատան (32-20):