Կազմակերպութեամբ Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աղջկանց մարաթոնը` «Սարատար» դրամատան հովանաւորութեամբ:

ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Անիկա տեղի ունեցաւ «Պիել»-ի շրջանին մէջ` մասնակցութեամբ 4350 վազողներու, ինչ որ կը նկատուի այս մարաթոնին մասնակցողներուն մեծագոյն թիւը` անոր սկսումէն ի վեր (2013):
Տեղի ունեցան տարբեր տարիքի եւ տարբեր դասակարգերու մրցումներ, որոնց ընթացքին կին վազողները վազեցին տարբեր նպատակներու համար:
Աւարտին, Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլի եւ այլ անձերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: