Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 27 ապրիլի երեկոյեան ժամը 21:40-ին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ – Սաժես երրորդ հանդիպումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Հետեւաբար նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է երկու յաղթանակ, այսօր երրորդ յաղթանակին կարիքը ունի հասնելու համար աւարտականին, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Ռիատի – Պէյրութ մրցումին յաղթականը: Վերջին երկու խումբերուն միջեւ այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ:
Այսօրուան մրցումին ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: