Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի գարնանային 34-րդ ռելին, Քեսրուան-Ժիպէյլ շրջանին մէջ` մասնակցութեամբ 24 ինքնաշարժներու:

ԼԷԱ ԽԱԼԻՖԷ
Ռոժէ Ֆըղալի իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ («Սքոտա Ֆապիա») հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 54′ 37″ 3 արդիւնք մը:
Երկրորդ հանդիսացաւ Ռուտոլֆ Ասմար – Զիատ Շեհապ զոյգը («Սքոտա Ֆապիա»), որ արձանագրեց 55′ 03″ արդիւնք մը, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Էտի Ապու Քարամ – Ժոզեֆ Քըմէյտ զոյգը (Հիունտայ-Այ-20), որ արձանագրեց 56′ 00″ 3 արդիւնք մը:
Ռոժէ Ֆըղալի 14-րդ անգամն ըլլալով կը տիրանայ այս ռելիին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:


