Նախորդ շաբաթավերջին Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնատեղիին մէջ (Էշրեֆիէ) տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ կազմակերպուելիք կէս-մարաթոնի (21,1 քմ) 11-րդ մրցումին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ յուլիս 2018-ին:
Այս կէս-մարաթոնը տեղի կ՛ունենայ հովանաւորութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ այս մամլոյ ասուլիսին:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նաեւ բարձրաստիճան զինուորականներ, Ներքին ապահովութեան ուժերու աթլեթիզմի խումբի նախագահ գնդապետ-զօրավար Հիւսէյն Խաշֆէ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչ Ալի Ֆաուազ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, Պէյրութի մարաթոնի միութեան խումբի նախագահ Մէյ Խալիլ, մարզական լրագրողներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ հովանաւորող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց մարզական լրագրող Հասսան Մուհիէտտին:
Ապա խօսք առնելով հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ըսաւ.
«Այս կէս-մարաթոնը, որ այժմ դարձած է տարիներու սովորութիւն, իւրաքանչիւր տարի կ՛ունենայ թիւով աւելի շատ մասնակցող, ինչպէս նաեւ անոր միջոցով կապը աւելի սերտ կ՛ըլլայ Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանցի ժողովուրդին միջեւ:
«Այս տարի սոյն կէս-մարաթոնին իբրեւ կարգախօս ընտրեցինք հետեւեալը. «Ձեռք-ձեռքի տալով ապահովութիւնը կ՛ամրապնդուի»: Ասիկա իրականութեան կը համապատասխանէ բառին բուն առումով:
«Կէս-մարաթոնին մասնակցելու հրաւիրուած են բոլոր լիբանանցիները անխտիր:
«Մեր նպատակն է (որուն համար միշտ աշխատանք կը տանինք) հսկել լիբանանցիներուն ապահովութեան եւ երկրին անդորրութեան:
«Յոյսով ենք, որ այս կէս-մարաթոնը եւս յաջողութեամբ կը պսակուի»:
Ապա այս կէս-մարաթոնին մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ տուաւ գնդապետ-զօրավար Հիւսէյն Խաշֆէ, որ ըսաւ, թէ անոր կայացումը բացառաբար քանի մը ամիսով ուշացաւ` երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատճառով:
Խօսք առաւ նաեւ Ռոլան Սաատէ, որ դրուատիքով արտայայտուեցաւ մարաթոնին կայացման մասին` նշելով, որ անիկա միշտ ալ յաջողութիւն կը գտնէ կազմակերպական թէ այլ առումներով:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում: