Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Ռիատին:
Երկու խումբերն ալ փորձեցին յաղթանակ արձանագրել` նկատի ունենալով, որ անոնց միջեւ արդիւնքը ցարդ 1-1 հաւասարութիւն էր:

Մրցումին յաղթանակ ապահովեց ՀՄԸՄ-ի տինամիք խումբը, որ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Ռիատին եւ պայքարեցաւ նաեւ յաղթելու… իրաւարարներուն, որոնք գործեցին բաւական աչքառու սխալներ եւ իրենց կողմնակալ վճիռներով արգելք հանդիսացան մրցումին հեզասահ ընթացքին:
ՀՄԸՄ վերջնական յաղթանակը տարաւ` 76-72 արդիւնքով (21-10, 13-16, 24-22 եւ 18-24):
Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ նոյնիսկ ունեցաւ 18 կէտի առաւելութիւն մը (28-10):
Թէեւ Ռիատի բաւական մօտեցաւ հաւասարութեան, սակայն չկրցաւ պարտութեան մատնել ՀՄԸՄ-ը, որ իր կողքին ունէր իր զօրաւոր բանակը համակիրները, որոնք մրցումին ամբողջ տեւողութեան` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, անդադար քաջալերեցին իրենց կազմը:

ՀՄԸՄ-էն 23 կէտ նշանակեց Ուոլթըր Հոճ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ): Սեմ Եանկ նշանակեց 19 կէտ, Իսմայիլ Ահմետ` 17 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ):
Բաղդատմամբ նախորդ մրցումին, ՀՄԸՄ աւելի տիրապետեց ֆրի թրուներուն (23-էն` 17-ը), մինչ Ռիատի` 14-էն միայն 4-ը:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապահ Նըժէյմ, Զիատ Թաննուս եւ Ժորժ Սաատ:
Այսօր, ժամը 21:40-ին, տեղի կ՛ունենայ չորրորդ մրցումը` Մանարայի մէջ:
Երրորդ յաղթանակ արձանագրելու պարագային ՀՄԸՄ մեծ ոստում մը պիտի կատարէ տիտղոսին տիրանալու ուղիին վրայ եւ կիրակի օր, երբ հիւրընկալէ հինգերորդ մրցումը, յաղթելու պարագային պիտի հռչակուի Լիբանանի ախոյեան:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի տինամիք կազմին` այսօրուան իր մրցումին եւս յաղթանակ կերտելու մաղթանքով: