Կազմակերպութեամբ «Էն. Էս. Էյ.» ակադեմիային եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, ընթացք պիտի առնէ Ռոնի Ապու Ժաուտէի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի երրորդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 18 տարեկանէն վար 16 խումբեր:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան Ռըսոլ Ժունիէի ակումբին մէջ:
Մրցաշարքին մասնակցող խումբերը, որոնք բաժնուած են չորս խմբակի, հետեւեալներն են.
Ռիատի, Շիահ, Թաատոտ, Պըժժէ, Հուփս, Ժամհուր, Էներժի, Պիպլոս, Շեպիպէ, Սանթրալ, «Էմ.-13», Սպաքեթ, «Էն. Էս. Էյ.-Հատաս», «Էն, Էս. Էյ.»-Ժունիէ, «Էն. Էս. Էյ.»-Ժիպէյլ, «Էն. Էս. Էյ.»-Պէյրութ:
Այս մրցաշարքը պիտի երկարի մէկուկէս ամսուան վրայ: