Առաջին անգամ ըլլալով, «Սթեփ ըհետ սփորթց» ընկերութիւնը յունիսին կը կազմակերպէ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարք մը, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք):
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Լիբանան – Յորդանան (28 յունիս) եւ Լիբանան – Սուրիա (1 յուլիս) աշխարհի բաժակի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն նախօրեակին:
Կազմակերպիչ ընկերութեան գլխաւոր պատասխանատուն մօտիկ ապագային յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի յայտարարէ մրցաշարքին մասնակցող ազգային խումբերուն անունները: Շատ հաւանական է, որ անոնց կարգին ըլլան Հայաստան, Քաթար, Թունուզ, Մարոք եւ բնականաբար Լիբանան:
Նշուեցաւ, որ այս մրցաշարքին ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին:
Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել նաեւ այն կէտը, որ այս մրցաշարքը կը կազմակերպուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հաւանութեամբ: