Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Մարիթիմօ, որ հիւրընկալեց Սփորթինկ Լիզպոնը, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անոր տարեշրջանի վերջին յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան, որ իր կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն: Ան մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Մարիթիմօ տարեշրջանը աւարտեց 7-րդ դիրքին վրայ (47 կէտով), մինչ Սփորթինկ Լիզպոն, ապահովելով 78 կէտ, հանդիսացաւ փոխախոյեան: