Քաթալոնական Պարսելոնայի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա 16 մայիսին Հարաւային Ափրիկէի մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը` երկրի նախկին նախագահ Նելսոն Մանտելայի ծննդեան 100-րդ տարեդարձին առիթով:
Պարսելոնա պիտի մրցի Հարաւային Ափրիկէի ամէնէն աւելի տիտղոսակիր ակումբը հանդիսացող եւ գործող ախոյեան Մամելոտի Սանտաունզի դէմ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ճոհանեսպուրկի մէջ գտնուող մարզադաշտի մը վրայ, որ 2010-ին հիւրընկալեց Մոնտիալի աւարտական ճակատումը:
Մանտելա մահացած է 5 դեկտեմբեր 2013-ին: