Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, լիբանանցի վազող Քաթիա Ռաշետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած 100 քմ վազքի մրցումին:
Ան հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 9 ժամ 14′ 14″ արդիւնք մը:
Այսպիսով, առաջին դիրքը գրաւելուն պատճառով ան իրաւունք ստացաւ սեպտեմբերին իր մասնակցութիւնը բերելու Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունենալիք 100 քմ-ի վազքի աշխարհի ախոյեանութեան:
Այս վազքի մրցումին մասնակցեցաւ նաեւ Քաթիա Ռաշետի մարզիչը` Եուսեֆ Ուըհպի, որ հանդիսացաւ երկրորդ` արձանագրելով 8 ժամ 32′ 09″ արդիւնք մը: