Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, գագաթի ճակատումին Եուվենթուս, որ հիւրը եղաւ Ա. Էս. Ռոմայի, 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, Եուվենթուս հանդիսացաւ Իտալիոյ ախոյեան, աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ չորս կէտի առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցին` Նափոլիի վրայ, որ թէեւ 2-0 արդիւնքով յաղթեց, բայց` անօգուտ:
Եուվենթուս, որ այսպիսով յաջորդաբար 7-րդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան, վերջին հանգրուանին 34-րդ անգամն ըլլալով պիտի բարձրացնէ ախոյեանութեան տիտղոսը: