Փարիզ Սեն Ժերմենի սեփականատէր, քաթարցի առեւտրական Նասեր Խելայֆի իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, թէ ակումբին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ:
«Ո՞վ ըսաւ, թէ ան Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ պիտի չմնայ: Մէկը այդ առնչութեամբ բան մը ըսա՞ծ է: Ո՛չ: Ան ցարդ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ունի` ստորագրուած խումբին հետ: Վերջնականապէս կու գամ ըսելու, որ ան 2000 առ հարիւրով պիտի մնայ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ», ըստ Goal.com կայքին` նշեց Խելայֆի: