Մարզական

Ֆութպոլ. Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Յաղթեց Վրաստանին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը` Հայաստանի եւ Վրաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականներուն միջեւ, աւարտեցաւ հայրենի կազմին յաղթանակով, 3-1 արդիւնքով: Երեք կոլերը նշանակեցին Նարեկ Ալավերդեան, Գէորգ Տարախչեան եւ Վրէժ Չիլոյեան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Անոնց միջեւ երկրորդ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, նոյն վայրին մէջ:

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Ռոքեթց Հաւասարեցուց Արդիւնքը (2-2)` Յաղթելէ Ետք Ուորիըրզին (95-92)

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ - Հիուսթըն Ռոքեթց չորրորդ ճակատումը առաջինին դաշտին վրայ: Հիուսթըն Ռոքեթց, արձանագրելով 95-92 արդիւնքով յաղթանակ մը, արդիւնքը հաւասարեցուց 2-2-ի: Հինգերորդ մրցումը պիտի կատարուի Ռոքեթցի դաշտին վրայ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 30 կէտ: Ուորիըրզէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քեւին Տիւրանթ (27 կէտ, 12...

«Չեմփիընզ Լիկ». Աւարտականի Մրցումին Նախօրեակին Մահուան Սպառնալիքներ…

  ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը կը սպառնայ սպաննել Ռէալ Մատրիտի եւ Լիվըրփուլի համակիրները Քիեւի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին ընթացքին, կը յայտնէ անգլիական «Տը Սան» օրաթերթը: Վերոնշեալ օրաթերթին համաձայն, բազմաթիւ սպառնական հաղորդագրութիւններ կը յայտնուին տարբեր տեսակի կայքերու վրայ: Կը կարծուի, որ այս սպառնալիքները 2018-ի մոնտիալէն առաջ կը միտին մարդոց մօտ խուճապ ստեղծել:

2018-ի Մոնտիալ. Արժանթինի Ազգային Խումբը Կորսնցուց Իր Հիմնական Բերդապահը

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի բերդապահ Սերճիօ Ռոմերօ, Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին պիտի չկարենայ օգնել Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին ընթացքին: Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ 31 տարեկան բերդապահը, որ ծունկի վնասուածք ստացաւ փորձերուն ընթացքին, պիտի չմեկնի Ռուսիա: 32 տարեկան Նոել Կուսման, որ մաս կը կազմէ մեքսիքական Տիկրեսի, փոխարինեց Ռոմերոն: Այս տարեշրջանին Ռոմերօ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ դաշտ ներկայացաւ...

Թոմաս Թուխելի Մարզիչ Նշանակումէն Ետք Նէյմար Որոշեց Մնալ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար որոշեց մնալ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, յայտնեց սպանական մամուլը: 26 տարեկան Նէյմարի մնալուն գլխաւոր պատճառներէն մէկն է Թոմաս Թուխելի խումբին մարզիչ նշանակումը: Ան փոխարինեց Ունայ Էմերին: «Լիկ-1»-ի մրցումներուն, Նէյմար նախորդ տարեշրջանին կատարեց 36 մրցում, նշանակեց 30 կոլ եւ 3 էսիսթ: Այժմ Նէյմար Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կը պատրաստուի 2018-ի մոնտիալին:

Պորուսիա Տորթմունտի Նոր Մարզիչը` Զուիցերիացի

«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պորուսիա Տորթմունտ յայտարարեց, որ զուիցերիացի ֆութպոլի մասնագէտ Լիւսիեն Ֆաւրը նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ` փոխարինելով Փիթըր Շթիկըրին, որ խումբը կը գլխաւորէր` դեկտեմբեր 2017-էն: 60 տարեկան զուիցերիացին Տորթմունտի հետ պայմանագրութիւն մը կնքեց մինչեւ 2020-ի ամառ: Ան նախապէս եղած է ֆրանսական Նիսի, ինչպէս նաեւ, գերմանական Հերթա Պերլինի մարզիչ:

Ուեսթ Համ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Չիլիցի ֆութպոլի մասնագէտ Մանուէլ Փելլեկրինի, որ անցեալին եղած էր Ռէալ Մատրիտի, ինչպէս նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչը, նշանակուեցաւ անգլիական Ուեսթ Համի մարզիչ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: 64 տարեկան Փելլեկրինի 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ:

21-23 Յունիսին. Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Պասքեթպոլի Քառանդամ Մրցաշարք Մը

«Սթեփ Ըհետ Սփորթց Սքուլ» ընկերութեան տնօրէն Ֆուատ Ժըրժես յայտարարեց, որ 21-23 յունիսին Լիբանան կը հիւրընկալէ պասքեթպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարք մը, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք): Մասնակցող չորս խումբերը պիտի ըլլան Հայաստան, Քաթար, Եգիպտոս եւ բնականաբար Լիբանան: Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբին համար այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ լաւագոյն առիթը պատրաստուելու աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, զտումի վերջին երկու մրցումներուն գծով` նկատի ունենալով, որ...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կը Մասնակցի Լիբանանի Մէջ Կատարուելիք Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 21-23 յունիսին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան: Հայաստանէն բացի այս մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Քաթարի, Եգիպտոսի եւ բնականաբար Լիբանանի ազգային խումբերը: Հայրենի կազմին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին աւելի ուշ: Այս մրցաշարքի աւարտէն ետք, Հայաստանի հաւաքականը կը մեկնի Քոփենհակըն (Դանիա), ուր 28 յունիսին Եւրօ-2021-ի պասքեթպոլի...

Կռփամարտ. Խապարովսքի Մէջ Հայրենի Մարզիկները Տիրացան 4 Մետալի

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Խապարովսքի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ 4 մետալի: Գերծանր քաշային կարգին մէջ Գուրգէն Յովհաննիսեան տիրացաւ ոսկի մետալին` աւարտականին յաղթելէ ետք Ռուսիոյ ներկայացուցիչին: 75 քկ դասակարգին մէջ, Արման Դարչինեան տիրացաւ արծաթ մետալին, մինչ պրոնզէ մետալակիր դարձան Հենրիկ Մոքոյեան (56 քկ) եւ Հենրիկ Սարգսեան (91 քկ):...

Աթլեթիզմ. Անթունիէի Կազմակերպած Լիբանանեան Համալսարաններու Ախոյեանութիւնը Սկսաւ

Հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կազմապերպութեամբ Անթունիէ համալսարանին (Պաապտա-Հատաս), սկսաւ լիբանանեան համալսարաններու աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ: Բացման օրը ներկայ գտնուողներուն կարգին եղան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար Էլի Սաատէ, Լիբանանեան համալսարաններու ֆետերասիոնի նախագահ Նասրի Լահուտ, Անթունիէի մարզական բաժանմունքի պատասխանատուներ Զինա Մինա, Ժորժ Ասսաֆ եւ այլ հրաւիրեալներ: Ինչպէս Ա. հանգրուանի մրցումները, այս ախոյեանութեան մրցումները պիտի...

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Կազմը

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը միջազգային բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ յաջորդաբար Մալթայի (29 մայիս) եւ Մոլտովայի (4 յունիս) դէմ: Գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան հրապարակեց իր կազմը, որ պիտի մասնակցի վերոնշեալ երկու մրցումներուն: Խումբին սկսած երէկուան հաւաքին (ֆութպոլի ակադեմիային մէջ) չմասնակցեցան Դաւիթ Եուրչենքօ եւ Խորէն Բաբայեան` իրենց խնդրանքով: Իսկ վնասուածքի պատճառով հաւաքականին չմիացան Արազ Օզպիլիս, Եուրա Մովսիսեան, Սարգիս Ադամեան,...

Թենիս. Նատալ – Ֆետերեր Դիրքերու Փոխանակում

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ տիրացաւ Հռոմի մրցաշարքի տիտղոսին, դարձեալ շրջանցեց զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը եւ բարձրացաւ առաջին հորիզոնական: Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, 3 դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 39-րդ դիրքը: 21 տարեկան Խաչանով Ռուսիոյ երկրորդ թենիսմենն է եւ ետ կը մնայ միայն Անտրէյ Ռուպլիովէն (31-րդ): Աղջկանց առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ ռումանացի...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». 26-27 Մայիսին` Ժեզզինի 7-րդ Ռելին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 26-27 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Ժեզզինի 7-րդ ռելին` հովանաւորութեամբ Ժեզզինի քաղաքապետութեան: Այս ռելին կ՛իյնայ Լիբանանի 2018-ի ռելիներու ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանին ծիրին մէջ` գարնանային առաջին ռելիէն ետք: Անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 312,88 քմ: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ անոր մասնակցիլ փափաքողներուն համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է չորեքշաբթի, 23 մայիս, կէսօրուան ժամը 12:00-ը:  

Մոսկուա-Արարատ Պիտի Մասնակցի Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան

Ռուսական մամուլին համաձայն, Մոսկուա- Արարատի գլխաւոր տնօրէն Պօղոս Գալստեան հաստատեց, որ ռուսական ակումբը յառաջիկայ տարեշրջանին հանդէս պիտի գայ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ: Ակումբը պիտի կոչուի Արարատ-Մոսկուա կամ Արարատ-Հայաստան: Ան շեշտեց, որ տրուած այս որոշումը վերջնական է` նկատի ունենալով, որ ակումբը ելոյթ պիտի չունենայ Ռուսիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: Ինչ կը վերաբերի խումբին մարզիկներուն, որոշ մարզիկներ կազմին հետ պիտի չմեկնին Հայաստան,...

Հովանաւորութեամբ Պընթ Ժըպէյլի Քաղաքապետութեան. Շաբաթ, 26 Մայիսին` «Ինթեր Ակադեմիա»-ին Նոր Մասնաճիւղին Բացումը

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի մէջ գտնուող «Ինթեր ակադեմիա»-ն տեղեկացուց, որ շաբաթ, 26 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Պընթ Ժըպէյլի մէջ պիտի կատարէ իր նոր մասնաճիւղին բացումը: Մասնաճիւղի բացման օրը խօսք պիտի առնեն բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` Պընթ Ժըպէյլի քաղաքապետ Աֆիֆ Պեզզի եւ ուրիշներ: «Ինթեր ակադեմիա»-ն Լիբանանի մէջ ցարդ ունի երեք մասնաճիւղ. Պէյրութ, Սուր եւ Ժունիէ:  

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Ռոքեթց – Ուորիըրզ` 2-2

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ - Պոսթըն Սելթիքս աւարտական չորրորդ մրցումը: Հիւրընկալ կազմը` Քաւալիրզ, 111-102 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (2-2): Լեպրոն Ճէյմս, Քաւալիրզի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Լեպրոն Ճէյմս, որ նշանակեց 44 կէտ: Սելթիքսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճէյլեն Պրաուն (25): Հինգերորդ...

Ուիլ Սմիթ Պիտի Կատարէ 2018-ի Մոնտիալին Օրհներգը

Հոլիվուտեան յայտնի դերասան Ուիլ Սմիթ որոշեց անակնկալ մը մատուցել աշխարհի ֆութպոլասէր հասարակութեան: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Տապըլիու-Ռատիօ» ամերիկացի երգիչ Նիքի Ճէյմի եւ երգչուհի Էտէ Իսթրիֆիի հետ ան պիտի կատարէ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին օրհներգը: Երգը պիտի ներկայացուի 25 մայիսին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Փիեռ Քախիա Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա ներկայացուց իր հրաժարականը: Ան ըսաւ, թէ այս հրաժարականին պատճառը այն է, որ ինք ընդհանրապէս Լիբանանէն դուրս կը գտնուի եւ չի կրնար մօտէն հետեւիլ լիբանանեան պասքեթպոլին: Քախիա յայտնեց, որ ինք իր հանգիստ խղճով կը հեռանայ իր պաշտօնէն, որովհետեւ իր ամէն կարելին ըրաւ, որպէսզի լիբանանեան պասքեթպոլը յառաջխաղացք արձանագրէ: Աւարտին...

Պասքեթպոլ.  Դրամատուներու Եւ Ընկերութիւններու Աղջկանց Առաջին Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Պասքեթպոլ. Դրամատուներու Եւ Ընկերութիւններու Աղջկանց Առաջին Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, դրամատուներու եւ ընկերութիւններու աղջկանց պասքեթպոլի առաջին մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը: Տիտղոսին տիրացաւ «Եու. Էն. Տի. Պի.»-ն, որ աւարտականին 66-45 արդիւնքով յաղթեց «Թաչ» ընկերութեան: Կազմակերպելով այս մրցաշարքը, «Սփորթց Մանիա» յաջողեցաւ լաւ տպաւորութիւն ձգել, մանաւանդ որ աւարտականի այս ճակատումը տեղի ունեցաւ մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան: Աւարտին կազմակերպիչներուն ձեռամբ տեղի...

Page 837 of 1278 1 … 836 837 838 … 1,278

Արխիւներ