ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը կը սպառնայ սպաննել Ռէալ Մատրիտի եւ Լիվըրփուլի համակիրները Քիեւի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին ընթացքին, կը յայտնէ անգլիական «Տը Սան» օրաթերթը:
Վերոնշեալ օրաթերթին համաձայն, բազմաթիւ սպառնական հաղորդագրութիւններ կը յայտնուին տարբեր տեսակի կայքերու վրայ:
Կը կարծուի, որ այս սպառնալիքները 2018-ի մոնտիալէն առաջ կը միտին մարդոց մօտ խուճապ ստեղծել: