Հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կազմապերպութեամբ Անթունիէ համալսարանին (Պաապտա-Հատաս), սկսաւ լիբանանեան համալսարաններու աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ:
Բացման օրը ներկայ գտնուողներուն կարգին եղան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար Էլի Սաատէ, Լիբանանեան համալսարաններու ֆետերասիոնի նախագահ Նասրի Լահուտ, Անթունիէի մարզական բաժանմունքի պատասխանատուներ Զինա Մինա, Ժորժ Ասսաֆ եւ այլ հրաւիրեալներ:
Ինչպէս Ա. հանգրուանի մրցումները, այս ախոյեանութեան մրցումները պիտի շարունակուին շաբաթավերջերուն: