Ռուսական մամուլին համաձայն, Մոսկուա- Արարատի գլխաւոր տնօրէն Պօղոս Գալստեան հաստատեց, որ ռուսական ակումբը յառաջիկայ տարեշրջանին հանդէս պիտի գայ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:
Ակումբը պիտի կոչուի Արարատ-Մոսկուա կամ Արարատ-Հայաստան:
Ան շեշտեց, որ տրուած այս որոշումը վերջնական է` նկատի ունենալով, որ ակումբը ելոյթ պիտի չունենայ Ռուսիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Ինչ կը վերաբերի խումբին մարզիկներուն, որոշ մարզիկներ կազմին հետ պիտի չմեկնին Հայաստան, որովհետեւ անոնք կ՛ուզեն իրենց ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ռուսիոյ մէջ:
Յայտնենք, որ Մոսկուա-Արարատ հիմնուած է 2017-ին:



