Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 21-23 յունիսին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան:
Հայաստանէն բացի այս մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Քաթարի, Եգիպտոսի եւ բնականաբար Լիբանանի ազգային խումբերը: Հայրենի կազմին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին աւելի ուշ:
Այս մրցաշարքի աւարտէն ետք, Հայաստանի հաւաքականը կը մեկնի Քոփենհակըն (Դանիա), ուր 28 յունիսին Եւրօ-2021-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Դանիոյ դէմ: