Նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա ներկայացուց իր հրաժարականը:
Ան ըսաւ, թէ այս հրաժարականին պատճառը այն է, որ ինք ընդհանրապէս Լիբանանէն դուրս կը գտնուի եւ չի կրնար մօտէն հետեւիլ լիբանանեան պասքեթպոլին:
Քախիա յայտնեց, որ ինք իր հանգիստ խղճով կը հեռանայ իր պաշտօնէն, որովհետեւ իր ամէն կարելին ըրաւ, որպէսզի լիբանանեան պասքեթպոլը յառաջխաղացք արձանագրէ:
Աւարտին ան յաջողութիւն մաղթեց ընտրուելիք նոր նախագահին: