Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, դրամատուներու եւ ընկերութիւններու աղջկանց պասքեթպոլի առաջին մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը:
Տիտղոսին տիրացաւ «Եու. Էն. Տի. Պի.»-ն, որ աւարտականին 66-45 արդիւնքով յաղթեց «Թաչ» ընկերութեան:
Կազմակերպելով այս մրցաշարքը, «Սփորթց Մանիա» յաջողեցաւ լաւ տպաւորութիւն ձգել, մանաւանդ որ աւարտականի այս ճակատումը տեղի ունեցաւ մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Աւարտին կազմակերպիչներուն ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Այստեղ պէտք է նշել այն կարեւոր կէտը, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան խումբէն բաւական յաջող եւ տպաւորիչ ելոյթներ ունեցաւ Սանահին Թորոս, որ մրցաշարքի առաջին խաղին տիրացաւ պեսթ սքորըրի տիտղոսին` նշանակելով խաղին ամէնէն շատ կէտերը: