Մարզական

Կռփամարտ. Գոռ Երիցեան Յաղթեց Թեքնիք Նաք-Աութով

Հայաստանի ներկայացուցիչ Գոռ Երիցեան, Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեանի գլխաւորութեամբ, Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) մասնակցեցաւ «Փանչ Պոքսինկ Փրոմոշըն»-ի կազմակերպած կռփամարտի երեկոյին եւ արձանագրեց 6-րդ յաղթանակը (6 մենամարտերուն ընթացքին)` իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին: Անոր մրցակիցն էր ռուս Ալեքսէյ Թուխթանով, որ առաջին ռաունտին քիթի վնասուածք ստացաւ եւ թեքնիք նաք-աութով պարտուած հռչակուեցաւ: Այս մենամարտը կէս-միջին քաշային կարգի էր (66,5 քկ): Նախորդ...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Կարէն Խաչանովի Յաղթական Սկիզբը

Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանսայի մէջ սկիզբ առաւ, թենիսի «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը: Ռուսիոյ երկրորդ դասուած մարզիկ Կարէն Խաչանով յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 7-6, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց Անտրէաս Հայտեր-Մաուրերի (Աւստրիա): Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 1 ժամ 56 վայրկեան:

Մանչեսթըր Սիթի Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Իսքոն

Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի ամէն գնով կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Ռէալ Մատրիտի սպանացի միջնապահ Իսքոն, կը յայտնէ «Մունտօ Տեփորթիւօ»: Կը նշուի, որ անոր փոխանցման համար Սիթի պատրաստ է վճարելու 80 միլիոն եւրօ, իսկ իբրեւ տարեկան աշխատավարձ` 10 միլիոն եւրօ: 26-ամեայ Իսքօ Ռէալ Մատրիտի հետ տարեկան կը գանձէ 6 միլիոն եւրօ: Ըստ վերոնշեալ կայքին, Իսքօ դէմ չէ, նոր ակումբի մը միանալու,...

Ողիմպիական Պատանեկան Խաղեր. Սահակ Յովհաննիսեան Պիտի Ներկայացնէ Հայաստանը

Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած Սահակ Յովհաննիսեան Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Արժանթինի մէջ տեղի ունենալիք պատանեկան ողիմպիականի խաղերուն, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Պատանեկան ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան 6-18 հոկտեմբերին, Պուէնոս Այրեսի մէջ: Յովհաննիսեան Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ վերջերս Մակեդոնիոյ մէջ տեղի ունեցած եւրոպական պատանեկան ախոյեանութեան ընթացքին` 60 քկ դասակարգին մէջ:

2018-ի Մոնտիալ. Պրազիլցի Ֆութպոլիստներուն Կը Խոստացուի Մրցանշային Պարգեւավճար

Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մրցանշային պարգեւավճար խոստացաւ երկրի ազգային խումբին ֆութպոլիստներուն, անշուշտ եթէ անոնք յաջողին տիրանալ 2018-ի մոնտիալի տիտղոսին: Ռուսիոյ մէջ, յաջողութեան հասնելու պարագային, իւրաքանչիւր ֆութպոլիստ, ինչպէս նաեւ խումբին մարզիչները, պիտի ստանան մէկական միլիոն եւրօ պարգեւավճար: Ա. հանգրուանի մրցումներուն Պրազիլի մրցակիցները պիտի ըլլան Զուիցերիա, Քոսթա Ռիքա եւ Սերպիա:

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Տիտղոսակիր` 13-րդ Անգամն Ըլլալով

Ռէալ Մատրիտ - Լիվըրփուլ աւարտական ճակատումով վարագոյրը իջաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2017-2018 տարեշրջանին վրայ: Ռէալ Մատրիտ իր պատմութեան մէջ 13-րդ անգամն ըլլալով եւ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին` յաղթելէ ետք իր մրցակիցին (3-1):

Պասքեթպոլ. «Քո-Լիկ»-ի Մրցումները Տեղի Կ՛ունենան Հետաքրքրական Մթնոլորտի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, ընկերութիւններու եւ դրամատուներու «քօ-լիկ»-ի պասքեթպոլի մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ բաւական մեծ հետաքրքրութեան մթնոլորտի մէջ: Մրցաշարքին մասնակցող 16 խումբերը կը պայքարին ամէն գնով գրաւելու իրենց խմբակին առաջին դիրքը եւ ամէն գնով քառորդ աւարտականի տոմս մը ապահովելու: Ստորեւ կու տանք արձանագրուած վերջին արդիւնքները. Խուրի Հոմ - Ֆաթթալ` 66-57, «Էմ. Թի. Վի.» - Թաչ` 46-44,...

Հայաստանի Ըմբիշները Մետալներու Տիրացան Աշխարհի Զինուորականներու Ախոյեանութեան

Հայաստանի զինուած ուժերու յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի մարզիկ-զինուորները մասնակցեցան Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած զինուորականներու աշխարհի 33-րդ ախոյեանութեան, որ կը կազմակերպէ Ռազմական մարզական միջազգային խորհուրդը: Այս ախոյեանութեան, որուն մասնակցեցան նաեւ ողիմպիական աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեաններ, հրաւիրուած էին 22 երկիրներու 153 մարզիկներ: Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած էին 9 մարզիկներ` իրենց մարզիչ ունենալով Արմէն Բաբալարեանը: Ախոյեանութեան մասնակցած հայ մարզիկ-զինուորները տիրացան 1...

Հենրիխ Մխիթարեան Ներկայացուց «Միքի-Թոյ» Խաղալիքը

Հենրիխ Մխիթարեան Ներկայացուց «Միքի-Թոյ» Խաղալիքը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ներկայացուց իր անուանական խաղալիքը, որ ստացաւ «Միքի-Թոյ» անուանումը: Թէեւ Մխիթարեանի կողմէ հրապարակուեցան այդ խաղալիքին լուսանկարները, բայց ֆութպոլիստը նշեց, որ աշխատանքները ցարդ ընթացքի մէջ են: 29 տարեկան ֆութպոլիստը այս օրերուն կը գտնուի Հայաստան եւ ազգային հաւաքականին հետ կը պատրաստուի Մալթայի (29 մայիս) եւ Մոլտովայի (4 յունիս) դէմ Աւստրիոյ մէջ կատարուելիք...

Ֆութպոլ. 16 Տարեկանէն Վար Հաւաքականներ. Հայաստան – Վրաստան` 1-1

Հայաստանի ֆութպոլի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ քանի մը օր առաջ 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Վրաստանի իր հասակակիցներուն, երէկ նոյն կազմին դէմ իր երկրորդ մրցումը կատարելով արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հայաստան իր կոլը նշանակեց 21-րդ վայրկեանին, մինչ հիւր կազմը` 38-րդ վայրկեանին:

Էմերի. «Արսենալի Այժմու» Ֆութպոլիստներուն Նկատմամբ Մեծ Յոյս Ունիմ»

Արսենալի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Ունայ Էմերի, իր տուած առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Փոխանցումնե՞ր: Ներկայիս մեծ հաւատք եւ յոյս ունիմ, որ ակումբին այժմու ֆութպոլիստներուն հետ շատ լաւ արդիւնքի կրնանք հասնիլ, եթէ տքնաջան աշխատինք: Մեր նպատակն է յառաջիկայ տարեշրջանին ոչ մէկ ճիգ խնայել բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին` հասնելու համար դրական արդիւնքներու եւ պայքարելու տիտղոսներու տիրանալու համար: «Ակումբին համար շատ կարեւոր...

«Փորշ- Սուփըր-Քափ».  Ֆայսալ Զուպէյր Պիտի Փորձէ Լաւ Արդիւնք Արձանագրել Մոնաքոյի Մէջ

«Փորշ- Սուփըր-Քափ». Ֆայսալ Զուպէյր Պիտի Փորձէ Լաւ Արդիւնք Արձանագրել Մոնաքոյի Մէջ

Օմանցի փորձառու վարորդ Ֆայսալ Զուպէյր, որ կը մասնակցի «Փորշ-Սուփըր-Քափ»-ի աշխարհի ախոյեանութեան, իր ամէն կարելին պիտի փորձէ ընել այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Բ. հանգրուանի` Մոնաքոյի վազքուղիին վրայ լաւ արդիւնք արձանագրելու համար: Ինչպէս ծանօթ է «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութենէն, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Մոնաքոյի կրան փրիները միշտ ալ եղած են հետաքրքրական: Նոյնը պիտի ըլլայ պարագան «Փորշ-Սուփըր-Քափ»-ին, որ կը նկատուի տարեշրջանի ամէնէն դժուար հանգրուաններէն...

«Էն. Պի. Էյ.»- Փլէյ-Օֆ. Սելթիքս – Քաւալիրզ` 3-2

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ արեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ փլէյ-օֆի աւարտականի հինգերորդ ճակատումը, որուն ընթացքին Պոսթըն Սելթիքս հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը: Սելթիքս 3-2 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` արձանագրելով 96-83 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ճէյսըն Թաթում (Սելթիքս) նշանակեց 24 կէտ, մինչ Քաւալիզէն Լեպրոն Ճէյմս` 26 կէտ: Երկու կազմերուն միջեւ վեցերորդ ճակատումը տեղի պիտի ոււնենայ Քաւալիրզի դաշտին վրայ:

Քարլօ Անչելոթթի` Նափոլիի Մարզիչ

Իտալական Նափոլի ֆութպոլի ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Քարլօ Անչելոթթի, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Պայմանագիրը նախատեսուած է երեք տարիով: 58 տարեկան իտալացին այսպիսով կը փոխարինէ Մաուրիցիօ Սարին, որ կը պաշտօնավարէր 2015-էն ի վեր: Անչելոթթի եղած է մարզիչը բազմաթիւ հռչակաւոր ակումբներու, որոնց կարգին` Պայէրն Միւնիխ, Եուվենթուս, Չելսի, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ա. Սէ. Միլան, Ռէալ Մատրիտ եւ ուրիշներ:  

Մորաթթա Հանդիպում Ունեցած Է Եուվենթուսի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Չելսիի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթային նկատած են Միլանոյի մէջ (Իտալիա) իր գործակատարին` Ճիուզեփփէ Պոցցոյի եւ Եուվենթուսի թեքնիք տնօրէն Ֆապիօ Փարաթիչիի հետ, այս մասին կը հաղորդէ «Ֆութպոլ-իթալիա»-ն: Ըստ աղբիւրին տեղեկութիւններուն, սպանացի 25 տարեկան յառաջապահը շատ հաւանաբար վերադառնայ Եուվենթուս, եթէ վերջինս համաձայնի փոխարէնը Չելսիի տալ իր արժանթինցի յառաջապահ Կոնզալօ Իկուայինը: Անգլիոյ «Փրեմիեր-լիկ»-ի աւարտած ախոյեանութեան, Մորաթթա Չելսիի հետ իր կատարած 31 մրցումին ընթացքին նշանակեց...

«Չեմփիընզ Լիկ». Վաղը` Լիվըրփուլ – Ռէալ Մատրիտ Աւարտական Ճակատումը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը վաղը` շաբաթ, 26 մայիսին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական ճակատումը` անգլիական Լիվըրփուլի եւ սպանական Ռէալ Մատրիտի միջեւ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Քիեւի (Ուքրանիա) «Օլիմիյսքի» մարզադաշտին վրայ:

Ճատրակ. Արագ Ճատրակի Ախոյեանութեան Մասնակցեցան 48 Խաղացողներ

Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կազմակերպութեամբ Ահիա Ռիատա ակումբին, Զուք Միքայէլի քաղաքապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 48 խաղացողներու, որոնք բաժնուած էին, երկու դասակարգի. մեծեր եւ 16 տարեկանէն վար: Մեծերու տիտղոսին տիրացաւ Ամրօ Ժաուիշ, որ առաւելագոյն 6 կէտէն ապահովեց 5 կէտ: Իսկ 16 տարեկանէն վար տիտղոսին տիրացաւ անոր եղբայրը` Մոհամետ Ժաուիշ, որ ապահովեց առաւելագոյն 6 կէտերը: Աւարտին տեղի ունեցաւ...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Պահրէյն

Երէկ` չորեքշաբթի, Պահրէյն մեկնեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Պահրէյնի միջազգային մրցաշարքին (24-27 մայիս): Անոր կը մասնակցին Եգիպտոս, Իրաք, Լիբանան եւ Պահրէյն: PROFOTO Ստորեւ` լիբանանեան պատուիրակութեան անդամներուն անունները. Ղազի Պուսթանի (նախագահ), Ժոզեֆ Ապտելմասիհ (պատասխանատու), Փաթրիք Սապա (մարզիչ), Մարուան Խալիլ (օգնական մարզիչ), Ժատ Մուպարաք (հաշուարկումներ կատարող), Խալիլ Նասսար (բժիշկ), Էլի Նաժըմ (ֆիզիքականի մարզիչ), Ալաա Ղաշշամ (լոճիսթիք), Ամիր...

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոն – «Վիզա-Քարտ» Համաձայնագիրի Կնքում

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոն – «Վիզա-Քարտ» Համաձայնագիրի Կնքում

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը յատուկ համաձայնագիր մը կնքեց «Վիզա-քարտ» ընկերութեան հետ: Այս հանդիսութեան ընթացքին, ներկաներուն ուղղած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, Տանիելա Քըլլօ բեմ հրաւիրեց Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէն: Ան յայտնեց, որ նոր ֆետերասիոնը, որ 2016-ին սկսաւ իր պաշտօնավարութեան, յաջողեցաւ թեքուանտոյի մարզը հասցնել իր բարձրութեան գագաթնակէտին, ուր...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մոհամետ Քըրհանի Միացաւ Ախա Ահլի Ալէյին

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտէն քանի մը շաբաթ անց եւ այժմէն իսկ 2018-2019 տարեշրջանին գծով պատրաստութիւններ տեսնող Ախա Ահլի Ալէյ յաջողեցաւ ձեռք ձգել Անսարի յետսապահ Մոհամետ Քըրհանիի ստորագրութիւնը: Վերջինս որոշեց չմնալ կանաչներուն հետ: Այս պայմանագրութեան կնքումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ Ախա Ահլի Ալէյի տնօրէն Մոհամետ Ռիֆահիի:

Page 836 of 1278 1 … 835 836 837 … 1,278

Արխիւներ