«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց չորրորդ ճակատումը առաջինին դաշտին վրայ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, արձանագրելով 95-92 արդիւնքով յաղթանակ մը, արդիւնքը հաւասարեցուց 2-2-ի: Հինգերորդ մրցումը պիտի կատարուի Ռոքեթցի դաշտին վրայ:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 30 կէտ: Ուորիըրզէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քեւին Տիւրանթ (27 կէտ, 12 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Սթեֆըն Քարի նշանակեց 28 կէտ: