Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի մէջ գտնուող «Ինթեր ակադեմիա»-ն տեղեկացուց, որ շաբաթ, 26 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Պընթ Ժըպէյլի մէջ պիտի կատարէ իր նոր մասնաճիւղին բացումը:
Մասնաճիւղի բացման օրը խօսք պիտի առնեն բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` Պընթ Ժըպէյլի քաղաքապետ Աֆիֆ Պեզզի եւ ուրիշներ:
«Ինթեր ակադեմիա»-ն Լիբանանի մէջ ցարդ ունի երեք մասնաճիւղ. Պէյրութ, Սուր եւ Ժունիէ:



