«Սթեփ Ըհետ Սփորթց Սքուլ» ընկերութեան տնօրէն Ֆուատ Ժըրժես յայտարարեց, որ 21-23 յունիսին Լիբանան կը հիւրընկալէ պասքեթպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարք մը, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք):
Մասնակցող չորս խումբերը պիտի ըլլան Հայաստան, Քաթար, Եգիպտոս եւ բնականաբար Լիբանան:
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբին համար այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ լաւագոյն առիթը պատրաստուելու աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, զտումի վերջին երկու մրցումներուն գծով` նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ մարզադաշտին վրայ Լիբանան 28 յունիսին կը մրցի Յորդանանի դէմ, իսկ 1 յուլիսին` Սուրիոյ դէմ: