«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Պոսթըն Սելթիքս աւարտական չորրորդ մրցումը:
Հիւրընկալ կազմը` Քաւալիրզ, 111-102 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (2-2):

Քաւալիրզի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Լեպրոն Ճէյմս, որ նշանակեց 44 կէտ: Սելթիքսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճէյլեն Պրաուն (25):
Հինգերորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սելթիքսի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի արեւմտեան շրջանին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ այժմ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Հիուսթըն Ռոքեթցը: