Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը յատուկ համաձայնագիր մը կնքեց «Վիզա-քարտ» ընկերութեան հետ:
Այս հանդիսութեան ընթացքին, ներկաներուն ուղղած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, Տանիելա Քըլլօ բեմ հրաւիրեց Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէն:
Ան յայտնեց, որ նոր ֆետերասիոնը, որ 2016-ին սկսաւ իր պաշտօնավարութեան, յաջողեցաւ թեքուանտոյի մարզը հասցնել իր բարձրութեան գագաթնակէտին, ուր որ է այժմ:
Այս համաձայնագիրի կնքումը պիտի գայ յաւելեալ փայլք մը տալու ֆետերասիոնին գործունէութիւններուն` նկատի ունենալով, որ աշխատանքները մեծ թափով այժմէն իսկ սկսած են 2020-ի, 2024-ի եւ 2028-ի ողիմպիական խաղերուն լաւապէս պատրաստելու լիբանանցի մարզիկները:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում, ինչպէս նաեւ այդ «Վիզա-քարտ»-երէն տրուեցան իրաւարարներուն, մարզիչներուն, պատասխանատուներուն, մարզիկներուն եւ յատուկ հրաւիրեալներու: