Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած Սահակ Յովհաննիսեան Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Արժանթինի մէջ տեղի ունենալիք պատանեկան ողիմպիականի խաղերուն, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Պատանեկան ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան 6-18 հոկտեմբերին, Պուէնոս Այրեսի մէջ:
Յովհաննիսեան Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ վերջերս Մակեդոնիոյ մէջ տեղի ունեցած եւրոպական պատանեկան ախոյեանութեան ընթացքին` 60 քկ դասակարգին մէջ:



