Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ներկայացուց իր անուանական խաղալիքը, որ ստացաւ «Միքի-Թոյ» անուանումը:
Թէեւ Մխիթարեանի կողմէ հրապարակուեցան այդ խաղալիքին լուսանկարները, բայց ֆութպոլիստը նշեց, որ աշխատանքները ցարդ ընթացքի մէջ են:
29 տարեկան ֆութպոլիստը այս օրերուն կը գտնուի Հայաստան եւ ազգային հաւաքականին հետ կը պատրաստուի Մալթայի (29 մայիս) եւ Մոլտովայի (4 յունիս) դէմ Աւստրիոյ մէջ կատարուելիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն: