Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կազմակերպութեամբ Ահիա Ռիատա ակումբին, Զուք Միքայէլի քաղաքապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 48 խաղացողներու, որոնք բաժնուած էին, երկու դասակարգի. մեծեր եւ 16 տարեկանէն վար:
Մեծերու տիտղոսին տիրացաւ Ամրօ Ժաուիշ, որ առաւելագոյն 6 կէտէն ապահովեց 5 կէտ:
Իսկ 16 տարեկանէն վար տիտղոսին տիրացաւ անոր եղբայրը` Մոհամետ Ժաուիշ, որ ապահովեց առաւելագոյն 6 կէտերը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի եւ ճատրակի ֆետերասիոնի կարգ մը անդամներուն, ինչպէս նաեւ Զուք Միքայէլի քաղաքապետութեան անդամներուն:



