Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտէն քանի մը շաբաթ անց եւ այժմէն իսկ 2018-2019 տարեշրջանին գծով պատրաստութիւններ տեսնող Ախա Ահլի Ալէյ յաջողեցաւ ձեռք ձգել Անսարի յետսապահ Մոհամետ Քըրհանիի ստորագրութիւնը: Վերջինս որոշեց չմնալ կանաչներուն հետ:
Այս պայմանագրութեան կնքումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ Ախա Ահլի Ալէյի տնօրէն Մոհամետ Ռիֆահիի:



