Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի ամէն գնով կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Ռէալ Մատրիտի սպանացի միջնապահ Իսքոն, կը յայտնէ «Մունտօ Տեփորթիւօ»:
Կը նշուի, որ անոր փոխանցման համար Սիթի պատրաստ է վճարելու 80 միլիոն եւրօ, իսկ իբրեւ տարեկան աշխատավարձ` 10 միլիոն եւրօ:
26-ամեայ Իսքօ Ռէալ Մատրիտի հետ տարեկան կը գանձէ 6 միլիոն եւրօ:
Ըստ վերոնշեալ կայքին, Իսքօ դէմ չէ, նոր ակումբի մը միանալու, որովհետեւ շատ յաճախ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի կ՛առնուի:



