Հայաստանի ներկայացուցիչ Գոռ Երիցեան, Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեանի գլխաւորութեամբ, Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) մասնակցեցաւ «Փանչ Պոքսինկ Փրոմոշըն»-ի կազմակերպած կռփամարտի երեկոյին եւ արձանագրեց 6-րդ յաղթանակը (6 մենամարտերուն ընթացքին)` իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:
Անոր մրցակիցն էր ռուս Ալեքսէյ Թուխթանով, որ առաջին ռաունտին քիթի վնասուածք ստացաւ եւ թեքնիք նաք-աութով պարտուած հռչակուեցաւ:
Այս մենամարտը կէս-միջին քաշային կարգի էր (66,5 քկ):
Նախորդ շաբաթավերջին այլ յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Արամ Աւագեան եւ Նարեկ Աբգարեան:
Աւագեան տիրացաւ «Տապըլիու. Պի. Սի. Ինթըրնեշընըլ-Սիլվըր» գօտիին: