Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մրցանշային պարգեւավճար խոստացաւ երկրի ազգային խումբին ֆութպոլիստներուն, անշուշտ եթէ անոնք յաջողին տիրանալ 2018-ի մոնտիալի տիտղոսին:
Ռուսիոյ մէջ, յաջողութեան հասնելու պարագային, իւրաքանչիւր ֆութպոլիստ, ինչպէս նաեւ խումբին մարզիչները, պիտի ստանան մէկական միլիոն եւրօ պարգեւավճար:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն Պրազիլի մրցակիցները պիտի ըլլան Զուիցերիա, Քոսթա Ռիքա եւ Սերպիա: