Օմանցի փորձառու վարորդ Ֆայսալ Զուպէյր, որ կը մասնակցի «Փորշ-Սուփըր-Քափ»-ի աշխարհի ախոյեանութեան, իր ամէն կարելին պիտի փորձէ ընել այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Բ. հանգրուանի` Մոնաքոյի վազքուղիին վրայ լաւ արդիւնք արձանագրելու համար:
Ինչպէս ծանօթ է «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութենէն, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Մոնաքոյի կրան փրիները միշտ ալ եղած են հետաքրքրական:
Նոյնը պիտի ըլլայ պարագան «Փորշ-Սուփըր-Քափ»-ին, որ կը նկատուի տարեշրջանի ամէնէն դժուար հանգրուաններէն մէկը:
Զուպէյր կը յայտնէ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ առաջին 10-ին մէջ դիրքի մը տիրանալու շաբաթավերջին:
Կիրակի, 27 մայիսին տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):