«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ արեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ փլէյ-օֆի աւարտականի հինգերորդ ճակատումը, որուն ընթացքին Պոսթըն Սելթիքս հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը:
Սելթիքս 3-2 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` արձանագրելով 96-83 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ճէյսըն Թաթում (Սելթիքս) նշանակեց 24 կէտ, մինչ Քաւալիզէն Լեպրոն Ճէյմս` 26 կէտ:
Երկու կազմերուն միջեւ վեցերորդ ճակատումը տեղի պիտի ոււնենայ Քաւալիրզի դաշտին վրայ:



