Արսենալի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Ունայ Էմերի, իր տուած առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ.
«Փոխանցումնե՞ր: Ներկայիս մեծ հաւատք եւ յոյս ունիմ, որ ակումբին այժմու ֆութպոլիստներուն հետ շատ լաւ արդիւնքի կրնանք հասնիլ, եթէ տքնաջան աշխատինք: Մեր նպատակն է յառաջիկայ տարեշրջանին ոչ մէկ ճիգ խնայել բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին` հասնելու համար դրական արդիւնքներու եւ պայքարելու տիտղոսներու տիրանալու համար:
«Ակումբին համար շատ կարեւոր է երկու տարուան ընդմիջումէ ետք վերադառնալ «Չեմփիընզ լիկ»: 2018-2019 տարեշրջանին մեր լաւագոյնը պիտի կատարենք` դառնալու համար Անգլիոյ եւ աշխարհի լաւագոյն խումբը»: