Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ, սերպ Նովաք Ճոքովիչ (20-րդ) արձանագրած իր յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը:
2 ժամ 18 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, ան 7-6, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց չդասուած մարզիկ, սպանացի Խոմէ Մունարի (155-րդ):
Ապահովելու համար Դ. հանգրուանին իր տոմսը, Ճոքովիչ պէտք է գերազանցէ նաեւ այլ սպանացի մը` Ռոպերթօ Պաութիս-թան, որ իր կարգին Բ. հանգրուանին` յաղթանակ մը արձանագրեց քոլոմպիացի Սանթիակօ Կիրալիոյի դէմ ՛6-4, 7-5 եւ 6-3):
Թոմաս Պերտիչ սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն` 7-6, 7-6, 1-6, 5-7 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Ժերեմի Շարտիէն:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Սիմոնա Հալեփ 2-6, 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց Էլիսըն Ռիսքէի, մինչ Պարպորա Սթրիքովա` Էքաթերինա Մաքարովայի (6-4 եւ 6-2):