Հայաստանի առաջատար հեծելանւորդ Էդգար Ստեփանեան կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները ամերիկեան` Վելօ Փասատենա Ռէյսինկ թիմ ակումբին հետ: Ան յաջողեցաւ երկրորդ դիրքը գրաւել Պերի վոլֆ կրան-փրի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ):
Նշենք, որ Ստեփանեան այս տարուան մարտին տեղափոխուեցաւ ամերիկեան ակումբ: Անոր միանալէն ետք տիրացաւ այլ մետալներու եւս, նախապէս տեղի ունեցած մրցաշարքերուն ընթացքին: