Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի մասնակցութեամբ Նորվեկիոյ Սթավանկեր քաղաքին մէջ սկսաւ «Ալթիպոքս Նորուէյ Չես» ճատրակի գերմրցաշարքը:
Ա. հանգրուանին Արոնեան, որ կը մրցէր սեւ քարերով, 31-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց աշխարհի նախկին ախոյեան, հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի հետ:
Արոնեան այս մրցաշարքին գործող ախոյեանն էր:
2017-ի այս մրցաշարքը ճատրակի պատմութեան մէջ մասնակցողներու վարկանիշով զօրաւորագոյն մրցաշարքն էր: