«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն որեւէ պատժամիջոց պիտի չկիրարկէ Ռէալ Մատրիտի յետսապահ` Սերճիօ Ռամոսի դէմ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականի մրցումին հարուածած էր Լիվըրփուլի բերդապահ` Լորիս Քարիուսը:
Նշուեցաւ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կրնայ հետաքննութիւն կայացնել միայն այն ատեն, երբ հանդիպումին ընթացքին իրաւարարները նկատած ըլլային պատահածը: