Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը հինգ դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 43-րդ դիրք:
Ասիկա բնականաբար արդիւնք է վերջին շրջանին Լիբանանի արձանագրած արդիւնքներուն` Ասիոյ ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պահրէյնի միջազգային քառանդամ մրցաշարքին` արձանագրելով երկու յաղթանակ եւ կրելով պարտութիւն մը:
Վերոնշեալ մրցաշարքին Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերաւ երիտասարդ եւ բաւական նորեկ կազմով մը: