Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ժեզզինի ռելին` մասնակցութեամբ 21 ինքնաշարժներու:

Ժեզզինի այս 7-րդ ռելիին առաջին դիրքը գրաւեց եւ 5-րդ անգամն ըլլալով տիտղոսակիր դարձաւ Ռոժէ Ֆըղալի («Սքոտա-Ֆապիա»), իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ:
Երկրորդ հանդիսացաւ Ռուտոլֆ Ասմար-Զիատ Շեհապ զոյգը («Սքոտա-Ֆապիա»), իսկ երրորդ` Էտի Ապու Քարամ-Ժոզեֆ Քըմէյտ զոյգը («Հիունտայ-Այ-20»):
Միայն 13 վարորդներ կրցան հասնիլ ժամանման գիծ` նկատի ունենալով, որ 8 ինքնաշարժներ տարբեր պատճառներով ռելին չկրցան ամբողջացնել:
Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն էր 312,88 քմ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Զիատ Ասուատի եւ Սելիմ Խուրիի, Ժեզզինի քաղաքապետ Խալիլ Հարֆուշի եւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն: