«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` եօթներորդ ճակատումներուն աւարտին, յստակացան այն երկու կազմերը, որոնք աւարտականին պիտի ճակատին իրարու դէմ:
Արեւելեան շրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ եօթներորդ ճակատագրական մրցումին 87-79 արդիւնքով յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսին: Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 35 կէտ` ի նպաստ Քաւալիրզի:
Իսկ արեւմտեան շրջանի ախոյեան հանդիսացաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ եօթներորդ ճակատագրական մրցումին, 101-92 արդիւնքով յաղթեց Հիուսթըն Ռոքեթցին: Քեւին Տիւրանթ (Ուորիըրզ) նշանակեց 34 կէտ, մինչ անոր խմբակից Սթեֆըն Քարի բաւական մօտ էր, թրիփըլ-տապըլ մը իրագործելու (27 կէտ, 9 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 32 կէտ:
Այսպիսով, Ուորիըրզ եւ Քաւալիրզ դարձեալ իրարու դէմ յանդիման կու գան աւարտականին:
Առաջին մրցումը կը սկսի 1 յունիսին: Առաջին երկու մրցումները տեղի կ՛ունենան Ուորիըրզի դաշտին վրայ: